2015-09-10 12:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց 2015-ի նորօծ եպիսկոպոսները` ''Խաղաղութիւնը ձեր հետ''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրեցեալ եղբայրներ, խաղաղութիւնը ձեր հետ'', այս բարերով է որ հինգշաբթի` 10 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց 2015 տարուայ ընթացքին ձեռնադրուած նորօծ 130 եպիսկոպոսները, որոնք Հռոմ կը գտնուին Եպիսկոպոսներու Ժողովի եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կազմակերպած դասընթացքներուն առթիւ։

''Ուրախ եմ որ ձեզ կ՛ողջունեմ Յարուցեալ Քրիստոսի նոյն ողջոյնով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Յիսուսի Յարութեան ու աշակերտներու երեւումի դրուագին որուն աւարտին Ան իրենց վրայ բջելով Հոգւոյն շունչը զանոնք կ՛առաքէ աւետելու աշխարհը։

'Դուք, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներն էք կանչուած եւ օծուած։ Դուք Եկեղեցւոյ Խորհուրդով ընդունեցաք շունչը որ արմատապէս կեանքը կը փոխէ։ Խնդրեմ այդ շունչին ուժը մի ընտելացնէք, այլ թոյլ տուէք որ ան շարունակական կերպով ձեր կեանքը կերպարանափոխէ''։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց Եպիսկոպոսին յատկութիւններուն ու պարտականութիւններուն վրայ որպէս Յարուցեալին վկան` ''Ան որ իր կեանքը զոհեց Սիրոյ ի սպաս եւ որ կարող չէր մնալ մեռելներուն մէջ։ Հայր Աստուած յարութիւն տուաւ Յիսուսին ու մենք եւս Քրիստոսի հետ յարութիւն պիտի առնենք։ 

Այնպէս ինչպէս աշակերտները ուրախացան տեսնելով իրենց Հովիւը որ զոհուեցաւ իր հօտին համար դուք եւս ուրախացէք մինչ կը հիւծուիք ձեր եկեղեցիներուն համար։ Միշտ յիշեցէք թէ Աւետարանն է որ ձեզ կը պահպանէ, առ այդ վախ մի ունենաք երթալու ամենուրէք ու հանդիպելու բոլոր անոնց որ Տէրը ձեզի յանձնած է – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ակնարկեց եպիսկոպոսին երկրորդ յատկութեան, այն է` ըլլալ մանկավարժ, հոգեւոր առաջնորդ եւ կրօնուսոյց, որ կարող է առաջնորդել իր հօտը դէպի Աստուած։

Նորին Սրբութիւնը ապա յորդորեց ներկաները ժամանակ յատկացնելու անոնց որոնք ''թէեւ մկրտուած են սակայն չեն ապրիր իրենց մկրտեալի կեանքը''։ Եղէք եպիսկոպոսներ կարող քալելու անոնց ճանապարհէն, կարող հասկնալու անոնց ցաւն ու անոնց յուսախաբութիւնները, ժամանակ յատկացուցէք ու անոնց փոխանցեցէք հոգեպարար խօսքեր, լուսաւորելով զանոնք հեզութեան ճրագով։ Խօսքերէն աւելի անոնց սրտերը ջերմացուցէք խոնարհ ունկնդրութեան ուղիով ու մտահոգուեցէք անոնց իսկական բարիքով մինչեւ որ բացուին անոնց աչքերը ու վերադառնան Անոր որմէ հեռացան։

Քահանայապետը ապա խօսեցաւ Եպիսկոպոսին միսիոնարականութեան մասին որպէս Աստուծոյ շնորհած ձրի փրկութեան առաքեալ  որ պէտք է փնտռէ  անոնք որ Յիսուսը չեն ճանչնար անոնց ուղղելով Աստուածային հրաւէրը` ''Այսօր փրկութիւնը մտաւ քու տունդ''։ Թող այս հոգին գերիշխէ ձեր հովիւի հայեացքին մէջ Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն ընթացքին որ մօտ օրէն պիտի ապրինք, յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.